Դեպի վեր

Պարզ է, որ շահեր կան եւ այսօր Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին Փաշինեանի հետ

yerkir.am03/4/2021, 7:42

Պարզ է, որ շահեր կան եւ այսօր Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին Փաշինեանի հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ Արթուր Խաչատրյանի հարցազրույցը Պոլսո «Ժամանակ» պարբերականին

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարներէն Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցելու առիթն ունեցանք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ, որ օրերէ ի վեր փակ կը պահուի «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր համախմբման ցուցարարներուն կողմէ։ Դաշնակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեանի հետ զրուցեցինք Հայաստանի քաղաքական տագնապին եւ այդ առընչութեամբ Թուրքիոյ կեցուածքին կապակցութեամբ։

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Թուրքիոյ փութկոտութիւնը Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան յայտարարութիւնը՝ որպէս ռազմական յեղաշրջում համարելու եւ նոյնիսկ այդ մէկը դատապարտելու շուրջ:

-Շատ յստակ է եւ շատ սպասելի, որովհետեւ Փաշինեան գիտակցաբար երկիրը տարած է դէպի պարտութիւն եւ ստանձնած՝ որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք կը բաւարարեն միայն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Փաշինեանի հեռացումով այն պայմանաւորուածութիւնները, զորս ան ձեռք բերած է եւ որոնցմով զիջումներ կատարուած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ, բնականաբար, պիտի չիրականանան։ Այս բոլորը աւելիով կը բացատրեն, որ Թուրքիա ինչու աճապարեց Հայաստանի զարգացումները՝ որպէս ռազմական յեղաշրջման փորձ որակելու համար: Պարզ է, որ սեփական շահեր կան եւ այսօր Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին Փաշինեանի շահերուն հետ:

-Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ, ընդհանրապէս, սփիւռքահայութիւնը լուռ էր: Անդին Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամ Կարօ Փայլան նոյնպէս շտապեց նոյն ձեւով դատապարտելով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը։

-Ես չեմ ըսեր, թէ սփիւռքը լուռ է, որովհետեւ բազմաթիւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, կարելի է ըսել՝ սփիւռքի բոլոր լուրջ կազմակերպութիւնները, պատերազմէն անմիջապէս յետոյ դատապարտեցին Փաշինեանի գործունէութիւնը եւ պահանջեցին անոր հրաժարականը։ Նոյնիսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնք իրարու հետ այդքան ալ ներդաշնակ չեն, այս հարցին շուրջ միակամ էին՝ սկսելով Դաշնակցութենէն եւ Բարեգործականէն, մինչեւ մշակութային եւ եկեղեցական կառոյցներ: Ուրեմն բոլորը՝ երկու կաթողիկոսութիւնները, թեմերը, եպիսկոպոսաց դասը պահանջեցին Փաշինեանի հրաժարականը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանին՝ ես շատ տարակուսած եմ։ Կը կարծեմ, թէ իր կեցուածքը ուղղակի սխալ տեղեկացուածութեան մը հետեւանք է եւ ան ամբողջական պատկերացում մը չունի, թէ այսօր ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Ի վերջոյ, Փաշինեանի հրաժարականը կը պահանջեն բոլորը՝ քաղաքական ուժեր, նախկին նախագահներ, վարչապետներ, եկեղեցին, մտաւորականներ, իսկ հիմա արդէն բանակը: Պատկերացուցէք, որ եթէ Փայլան ճիշդ ըլլայ եւ յանկարծ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը կամ սպաները ձերբակալուին ռազմական յեղաշրջման փորձի համար, այն ատեն ո՞վ պիտի ղեկավարէ բանակը: Վերջ ի վերջոյ կար նաեւ նախագահի յայտարարութիւնը, որով ան առերեւոյթ հակասահմանադրական համարեց ո՛չ թէ զինուորականներու յայտարարութիւնը, այլեւ՝ վարչապետի հրամանագիրը, որով աշխատանքէն պիտի ազատուէր զօրավար Օննիկ Գասպարեան: Կը կարծեմ, թէ Կարօ Փայլան ուղղակի տեղեակ չէ իրադարձութիւններէն։

-Ըստ երեւոյթին, Հայաստան կը մտնէ սահմանադրական տագնապի մը մէջ։ Արդարեւ, տեսանք, որ նախագահը մերժեց Փաշինեանի հրամանագիրը վաւերացնել, իսկ Փաշինեան շտապեց կրկին ուղարկել հրամանագիրը: Հիմա ինչի՞ պէտք է սպասել:

-Սահմանադրական ճգնաժամ ցարդ յառաջացուցած է միայն Նիկոլ Փաշինեանը, որ Սահմանադրական ատեանի նախագահը փոխեց, անդամներէն մին հեռացուց, իր վստահած անձերուն յանձնեց Սահմանադրական ատեանի կազմը՝ մանաւանդ, որ մինչ այդ Բարձրագոյն դատարանը շատ յստակ կը գործէր, կը քննէր նախագահին կամ կառավարութեան ուղարկած գործերը: Մէկ կողմէ կ՚ըսէին՝ կայ սահմանադրական ճգնաժամ, բայց միւս կողմէ գործեր կ՚ուղարկէին Սահմանադրական ատեան: Մենք, իրօք, կանգնած ենք սահմանադրական ճգնաժամի առջեւ, բայց այդ մէկը արդէն անցեալ է, հիմա, իրական քաղաքական տագնապ մը յառաջացած է։ Որովհետեւ Փաշինեան ապաշնորհ եւ գուցէ գիտակցուած գործողութիւններով երկիրը տարաւ դէպի պարտութիւն: Ներկայիս ամբողջ հասարակութիւնը եւ կառոյցները կը գտնուին մէկ կողմը, իսկ միւս կողմը՝ Փաշինեան անոնց դիմաց առանձին մնացած է: Եթէ նախագահը այս անգամ այդ որոշմ...

Կարդալ ամբողջովին

Եղանակ

Ջերմ {{currentData.temp}}℃
Քամի {{currentData.wind}}կմ/ժ
Խոնավ {{currentData.humidity}}
  • Երեւան
  • Աբովյան
  • Ծաղկաձոր
  • Սեւան
  • Գյումրի
  • Էջմիածին
  • Դիլիջան
  • Վանաձոր
  • Աշտարակ
7 օրվա տեսություն

Փոխարժեքներ

ԱռքՎաճառք
USD394400
EUR414426
RUR4.174.37
ավելին
Արդեն հասանելի է
Դեպի վեր