Դեպի վեր

Ձախը եւ Ուսանողութիւնը Այսօր. Հարցազրոյց՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին Հետ

yerkir.am05/31/2020, 8:30

Ձախը եւ Ուսանողութիւնը Այսօր. Հարցազրոյց՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին Հետ

Ձախ հասկացողութեան, մերօրեայ կեանքին մէջ անոր դերակատարութեան, ընկերվար գաղափարախօսութեան, Դաշնակցութեան կողմէ անոր ընկալման, երիտասարդ սերունդին համար այս բոլորին կարեւորութեան մասին Զաւարեանական էջը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ։

ԶՈՄ.- Ինչպէ՞ս կը սահմանէք/բացատրէք «ձախ» հասկացողութիւնը:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Պատմականօրէն «ձախ» հասկացողութիւնը ծագած է Ֆրանսական յեղափոխութեան նախօրեակին Ազգային ժողովին մէջ թագաւորական կարգերու ընդդիմադիր քաղաքական ներկայացուցիչներու աթոռներու գտնուած տեղին հետեւումով՝ Ազգային ժողովի նախագահին ձախ կողմը: 19-րդ դարուն, սակայն, յղացքը առնչուեցաւ աշխատաւորական շարժումի շահերու պաշտպանութեան, քաղաքացիական իրաւունքներու ընդլայնման եւ հակա-ռազմատենչական/խաղաղասէր քաղաքականութեանց յանձնառութեան, որ ամէնէն աւելի բիւրեղացաւ ընկերվարութեան տեսութեան եւ գործին ընդմէջէն: Ատով հանդերձ, «Ձախ»-ի հասկացողութեան մէկ բանաձեւում չկայ: Պատմափիլիսոփայական տարբեր աշխարհահայեացքներ իրենց սահմանումը տուած են եւ կու տան «ձախ» հասկացողութեան: Քաղաքական գործի իմաստով «ձախ»-ի սահմանում/հասկացողութիւնը միշտ ալ տեղադրուած է պատմական հոլովոյթի, պատմական տուեալ ժամանակի եւ աշխարհագրական ընկերատնտեսական որոշակի պայմաններու մէջ: Առանց երբեք որ այդ պայմանները իրե՛նք պարտադրեն «ձախ»-ի սահմանում/հասկացողութիւն մը, որ անյարիր ըլլայ այն սկզբունքներուն, արժէքներուն եւ նպատակին, որոնք «ձախ»-ին կու տան գաղափարախօսական համընդհանուր սահմանում/հասկացողութիւն մը՝ անկախ իր տարբեր բանաձեւումներէն: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար «ձախ»-ի հասկացողութիւնը ընկերվարութիւնն է, որ կը ձգտի, ինչպէս բանաձեւուած է ՀՅԴ-ի Ծրագիրին մէջ, «ազատ մարդու, ազատ քաղաքացիի եւ ազատագրեալ աշխատանքի» ընկերատնտեսական համակարգի մը կառուցման՝ ե՛ւ տեղական/ազգային, ե՛ւ համաշխարհային/համամարդկային մակարդակներով:

ԶՈՄ.- Ո՞ւր է ձախը այսօր միջազգային գետնի վրայ:

Խ. Տ. Ղ.- Հետեւելով նախորդ պատասխանիս մէջ բանաձեւած տրամաբանութեանս՝ «ձախ»-ի մասին որեւէ խորհրդածութիւն կամ վերլուծում նկատի պիտի ունենայ պատմական հոլովոյթը եւ ժամանակի ընկերատնտեսական համակարգային ոլորտը տեղական, տարածաշրջանային թէ համաշխարհային մասշտապներով: Այս իմաստով, «ձախ»-ի մասին այսօր խորհրդածելու համար կը կարծեմ նկատի պէտք է ունենալ մէկ կողմէ Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Լատինական Ամերիկա ձախակողմեան շարժումներու նուաճումներն ու ձախողութիւնները (ոչ միայն իշխանութեան վրայ ըլլալու կամ չըլլալու իմաստով), եւ, միւս կողմէ, դրամատիրութեան վերջին տագնապին՝ 2008-ի ֆինանսական փլուզման երեք ամենակարեւոր հետեւանքները. հարստութեան խիստ կեդրոնացում -«1 տոկոս եւ 99 տոկոս»ի թէզը, բնասպանութիւն, ընդ որում՝ կլիմայական ջերմացում, եւ կրօնական, ազգային, ցեղապաշտական եւ կենտերային ամէն բնոյթի խտրականութեան վերադարձ քաղաքական բեմ: Ընդհանուր առմամբ, «ձախ»-ը դեռ չէ յաջողած դուրս գալ մէկ կողմէ խորհրդային փորձառութեան սնանկացման, եւ միւս կողմէ, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ, չէ կրցած ամբողջովին ձերբազատիլ 1990-ականներուն Պլէրներու ձեռամբ ընկերվար այլընտրանքի անճանաչելի դառնալու աստիճան աղաւաղման հետեւանքներէն: Միակ յառաջընթացը 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին Հարաւային Ամերիկայի մէջ «Ձախ թեքում» երեւոյթն է, հակառակ անոր որ անիկա իր լրումին չհասած, 2015-էն ետք, տեղի տուաւ աջին առաջ եւ այսօր ինքնաքննադատական վերատեսութեան փուլին մէջ կը գտնուի: Այնուամենայնիւ Լատինական Ամերիկայի «Ձախ թեքումը» իր անդրադարձը կամ արձագանգը առաւել կամ նուազ չափով ունեցաւ թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ ալ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ՝ ի մտի ունենալով ի միջի այլոց Սիրիզայի փորձառութիւնը կամ Պըրնի Սանտըրզի քաշողականութիւնը երիտասարդութեան համար, հակառակ առաջինին ընտրական վերջին ձախողութեան եւ Սանտըրզի որոշումին՝ նախագահական ընտրապայքարէն քաշուելու:

Պատմական ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն գծով ըսեմ, որ համայն մարդկութեան եւ աշխարհի ապագային համար վերը նշուած երեք մեծագոյն սպառնալիքներուն դէմ յանդիման, «ձախ»-ի քաղաքական գործը հիմնականին մէջ աշխատաւորական շարժումի եւ արտադրողական ու սպառողական համակարգէն դուրս շպրտուած զանգուածներուն («աշխատող աղքատներ», ժամանակաւոր գործերով վերապրողներ, գործազուրկեր, գաղթականներ…) վերակազմակերպումը, անոնց «ձախ»-էն հեռանալու, «ձախ»-ի այլընտրանքէն օտարանալու պատճառներու ախտաճանաչումն ու անցեալի սխալներու եւ բացթողումներու վերացումը պիտի ըլլայ: Այլապէս այս զանգուածները ամենայետադիմական պահպանողական եւ, մանաւանդ, ծայրայեղ աջի թակարդը պիտի իյնան: Այս աշխատանքը, հարկ է կրկին ու կրկին յիշեցնել, պէտք է տանիլ տեղական, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներով:

ԶՈՄ.- Այսօրուան դրամատիրական աշխարհին մէջ ուսանողութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է/կրնայ պահպանել իր ձախակողմեան սկզբունքները:

Խ. Տ. Ղ.- Ամէն ուսանողութիւն անպայման ձախակողմեան սկզբունքներու չի դաւանիր: Ընդհակառակը, աշխատանքային շուկայի մէջ վայրագ մրցակցութեան ի տես, շատ հաւանաբար ուսանողներուն մեծ մասը հիմնականին մէջ միայն իր անձնական ապագային մասին կը մտածէ: Հարցումը, ուրեմն, կը մեկնաբանեմ ի մտի ունենալով ձախակողմեան հակում ունեցող կամ յանձնառութիւն վերցուցած ուսանողութիւնը, որ, ի տարբերութիւն անցեալ դարու 1960-70-ական թուականներուն, երբ ձախակողմեան գաղափարները կը տիրապետէին համալսարաններուն մէջ, ականատես վկայ է հետզհետէ աւելի անհատականացուող, աւելի պահպանողական եւ մինչեւ իսկ յետադիմական, արժեհամակարգի մը ներշնչած մթնոլորտի տիրապետման: Ինչ որ կրնայ հիասթափեցնել զինք եւ առաջնորդել անտարբերութեան: Պարզունակ պատասխան մը պիտի ըլլայ ըսել՝ տեղի չտալ, պայքարը շարունակել, բայց հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ ինչպէ՞ս այդ մէկը ընելն է -այդպէս ալ կը մեկնաբանեմ հարցումը: Համալսարանները միշտ ալ գաղափարներու փոխանակման, քննադատական մտածողութեան մշակման եւ պայքարի ստեղծագործ միջոցներ որոնելու միջավայրեր եղած են: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ձախակողմեան սկզբունքներու յանձնառու ուսանողը պիտի գիտակցի երկու բանի: Առաջին, «1 տոկոս եւ 99 տոկոս»-ի թէզը իրականութիւն է նաեւ համալսարանական կեանքին մէջ, ուր շատ աւելի է թիւը այն ուսանողներուն, որոնք 99 տոկոսին մաս կը կազմեն եւ իրենց ուսումի ծախսերը գոցելու համար, մանաւանդ երբ համալսարանը սեփական է, մեծ ճիգի ու զոհողութեան պէտք ունին: Շատ աւելի քան ուսանողութեան այն ստուար թիւը, որ 1 տոկոսին կը պատկանի: Առաւել, ուսանողներու այդ 99 տոկոս ոչ մէկ երաշխիք ունի, որ իր համալսարանական վկայականը այսօր իրեն լաւագոյն կեանք մը պիտի կարենայ ապահովել աշխարհի մը մէջ, ուր հարստութեան այս պոռնկագրական անհաւասարութիւնը անխուսափելիօրէն կը սնանէ յաւերժական պարտքը, գործազրկութիւնը, անապահով աշխատանքը… մէկ խօսքով՝ աշխատանքի բիրտ շահագործումը: Այս, կը կարծեմ, ամենահիմնական մեկնակէտն է, որ ձախակողմեան ուսանողութեան պիտի մղէ ուսանողութեան կազմակերպումի եւ զօրաշարժի նախաձեռնութեան: Երկրորդ, այդ զօրաշարժը, ուր քննադատական գաղափարներու համոզիչ փոխանցումը կենսական է, առաջ պիտի տարուի ստեղծագործ միջոցներով: Պատճառներէն մէկը, որ ծայրայեղ աջը, ի մասնաւոր Միացեալ Նահանգներու մէջ, կրցաւ գործազուրկ դարձած աշխատաւոր զանգուածները ներգրաւել այնքան որ անոնք քուէ տան իրենց թշուառութեան պատասխանատու միլիառատէրներու, կամ կոյր գործիքը դառնան խտրական ատելութեան, համացանցի եւ ընկերային ցանցերու կարեւորութեան շատ աւելի կանուխ անդրադառնալն է: Այս մէկը չի նշանակեր, որ համացանցի կամ ընկերային ցանցերու գործածութիւնը անպայմանօրէն «ստեղծագործ» կը դարձնէ ձախակողմեան քաղաքական գործը: Փաստօրէն, ստեղծագործութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է այդ ցանցերուն մէջ, որպէսզի աւելի ազատ, արդար ու հաւասար աշխարհի մը գաղափարն ու յանձնառութիւնը հասնի զանգուածներուն:

ԶՈՄ.- ՀՅԴ Ծրագիրի վերամշակման տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին ի՞նչ փոփոխութիւններ կրած է ընկերվարական գաղափարախօսութեան սահմանումը:

Խ. Տ. Ղ.- Նախ յստակ է, որ ՀՅԴ Ծրագրի վերամշակումը երբեք չէ նշանակած ընկերվարութեան ժխտումը կամ անկէ հեռացումը: Ոչ իսկ ստալինեան հակադաշնակցական հալածանքներու եւ ապա, Պաղ Պատերազմի առաջին քսանամեակին, Դաշնակցութեան հակախորհրդային դիրքորոշման տարիներուն, երբ շեշտը դրուած է կուսակցութեան ազգային յանձնառութեան վրայ եւ անտեսուած են Ծրագրի ընկերային դրոյթները: Այնքան, որքան ուսումնասիրած եմ Ծրագիրի վերամշակման հոլովոյթը՝ հինգ հիմնական պահեր կան ընկերվարութեան սահմանումի վերանայման իմաստով: Առաջինը առաջին ծրագիրի խմբագրումն է, ինչպէս կը նշուի յաճախ՝ իր շեշտուած համարեայ «մարքսիստ» ձախ համոզումներով ծանօթ Ռոստոմին կողմէ, եւ այդ փաստաթուղթի մէջ տեղ գտած աշխարհահայեացքի ու պատմափիլիսոփայութեան վերամշակումն է, որ հետագային տեղի ունեցած է: Երկրորդ պահը 1907-ի Ընդհանուր ժողովն է եւ անոր որոշումը՝ Դաշնակցութեան ընկերվարութիւնը յստակօրէն սահմանել Երկրորդ Միջազգայնականի ընկերվար-ժողովրդավարութեան տարբերակով: Երրորդ պահը 1919-ի անկախ Հայաստանի մէջ գումարուած Ընդհանուր ժողովն է, ուր ընկերվարութեան բանաձեւման հարց չկայ, բայց առաջին անգամ ըլլալով Դաշնակցութիւնը ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը գործնական գետին փոխադրելու առիթին դէմ յանդիման կը գտնուէր: Այդ մէկը տեղի պիտի ունենար անկախ պետութեան կառուցումը յառաջդիմական աշխարհահայեացքով ընկերվար պետութեան եւ ընկերային առումով արդար հասարակակարգի մը յառաջացման նախանձախնդրութեամբ յառաջ տանելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920ի աշխարհի մէջ այն քիչ պետութիւններէն էր ուր իշխանութեան գլուխ հասած էր ընկերվարական կուսակցութիւն մը եւ պետութիւն կը կառուցէր ստեղծելով այն հաստատութիւնները, որոնք ընկերային առումով արդար հասարակակարգի մը կը ձգտէին: Դժբախտաբար այդ մէկը եղաւ շատ աւելի տեսական, քան գործնական Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւանքով: Յաջորդ կարեւոր պահը 20-րդ Ընդհանուր ժողովն է, ուր ընկերվարութեան սահմանումը աւելի մօտեցած է 1960-70-ական թուականներու Երրորդ Աշխարհեան ազգային եւ ընկերային ազատագրական շարժումներու աշխարհահայեացքին, որուն կենդանի վկան էր Սփիւռքի երրորդ սերունդը՝ Ծրագիրի վերամշակման նախաձեռնողն ու դերակատարը: Ծրագիրի վերամշակման այդ թերեւս ամենամարտահրաւէրային պահը ճակատագրական եղաւ նոր սերունդի գաղափարախօսական պատրաստութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներու նոր հանգրուան թեւակոխման համար: Կարեւոր է մատնանշել, որ այն ժամանակ կուսակցութիւնը Երկրորդ Միջազգայնականէն դուրս էր եւ ընկերվարական իր տեսլականը շատ աւելի համահունչ է ազատագրական պայքարի գործելաոճին, քան ընկերվար-ժողովրդավարութեան: Վերջին վերամշակումը տեղի ունեցաւ անկախ Հայաստանի պայմաններուն մէջ եւ յաջորդեց 24-րդ Ընդհանուր ժողովի (1988) մեծ անկիւնադարձին՝ Դէպի Երկիր եւ անոր հետեւանքներուն: Կարեւոր է նշել, որ այդ վերամշակման գոր...

Կարդալ ամբողջովին

Եղանակ

Ջերմ {{currentData.temp}}℃
Քամի {{currentData.wind}}կմ/ժ
Խոնավ {{currentData.humidity}}
  • Երեւան
  • Աբովյան
  • Ծաղկաձոր
  • Սեւան
  • Գյումրի
  • Էջմիածին
  • Դիլիջան
  • Վանաձոր
  • Աշտարակ
7 օրվա տեսություն

Փոխարժեքներ

ԱռքՎաճառք
USD388.5394.5
EUR411423
RUR4.154.35
ավելին
Արդեն հասանելի է
Դեպի վեր