Աղբյուրը՝ Horizonweekly.ca
«Հորիզոն».- ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Մարտ 17-ին եւ 18-ին յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան զօրակցական հանդիսութիւններ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի:
Թորոնթոյի մէջ Շաբաթ, 17 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, իսկ 18 Մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին՝ Մոնթրէալի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ կայացած հաւաքներու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ հայրենիքէն ժամանած երգիչ Գէորգ Հաճեանը, որ իր գուսանկական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով խանդավա...