Դեպի վեր

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Տօնակատարութեան Այնճարի Հայութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայոց Բանակին

yerkir.am09/19/2022, 2:18

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 107-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 83-Ամեակի Տօնակատարութեան Այնճարի Հայութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայոց Բանակին

Մուսա լերան հերոսամարտի 107-ամեակին եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 83-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն շարքերով: ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութենէ ետք հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Մաճարեան, որ ըսաւ. «Այսօր հպարտութեամբ կը նշենք, որ Մուսա լերան քառասնօրեայ պայքարի սխրագործութիւնը ոսկի տառերով արձանագրուած է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ` իբրեւ ժողովուրդի կամքի պարտադրման եզակի օրինակ: Այսօր անվարան կարելի է ըսել, որ Մուսա լեռը եղաւ պայքարի ու յաղթութեան խորհրդանիշ, կամքի վճռակամութիւն, քաջութիւն: Անվախօրէն թուրքին ոչ ըսելու, անոր առջեւ չխոնարհելու խորհրդանիշը»: Մաճարեան ներկաներուն կոչ ուղղելով ըսաւ.

«Սիրելի՛ ներկաներ, մուսալեռցիի քաջութեան ու հայրենասիրութեան մասին պէտք չկայ ճառախօսելու. բայց եթէ այսօր հայրենիք պիտի փրկենք, պարտաւոր ենք ազգովին մկրտուելու եւ համախմբուելու Մուսա լերան հերոսամարտի պայքարի ոգիով»:

Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Լոռի Գաբրիէլեան եւ Մարիա Աբէլեան, ազգայնաշունչ ասմունքային տողերով ձեռնարկը վարեցին:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Կալի Գալուստեան երգեց «Թուրքին պոստից բեկան խփեց»:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան, որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Մուսա լերան հերոսամարտէն 107 տարի ետք կամ Այնճարի հիմնադրութենէն 83 տարի ետք խմբուած ենք տօնելու, յիշելու եւ ապրելու անցեալի այս զոյգ դէպքերը, ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ի՛նչ թաքնուած է այս նշումներուն մէջ, որ միշտ ժողովուրդը կը մղէ համախմբուելու եւ ոգեկոչելու: Հաւաթեան, անդրադառնալով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցեալ շաբթուան իրադարձութիւններուն ըսաւ. «Այս շաբթուան մեր հաւաքները զօրակցական հաւաքներ են հայոց բանակին, հայ զինուորին, թէկուզեւ Մուսա լերան հերոսամարտին կամ Այնճարի հիմնադրութեան առիթով: Այո՛, զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ միակ երաշխիքն է մեր հայրենիքին ապահովութեան, եւ ոչ թէ ապազգային իշխանութեան. ո՛չ նահանջին, ո՛չ պարտուողականութեան»: Ան հաստատեց, որ արգիլուած է անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը եւ ծուլութիւնը:

Իր խօսքը աւարտելով` Եսայի Հաւաթեան ներկաներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ինչպէս նախապէս Մուսա լերան վրայ, նոյնպէս հոս. չկայ կուսակցական եւ համայնքային խտրականութիւն` թէկուզեւ այս քաղաքը նաեւ դաշնակցական հիմնադրութեան պատմութիւն ունի. այո՛ միասնութեան, այո՛ քաջութեան, այո՛ արժանապատուութեան. եթէ ասոնք կան, ժողովո՛ւրդ, չմտահոգուիս, յաղթանակը ապահովուած է: Յարգա՛նք հայրենիքին համար նահատակուած մեր զինուորներուն, յարգա՛նք հերոսամարտի 18 նահատակներուն` այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:

Ապա Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ազգային երգերով` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորակազմ նուագախումբին ընկերակցութեամբ:

Անկէ ետք օրուան բանախօսը` Սիլվա Սողոմոնեան, նախ պատմեց հերոսական Մուսա լերան պատմութիւնը սկսելով հերոսամարտի օրերէն, Այնճարի հիմնադրութենէն եւ հասնելով մինչեւ այսօրուան Այնճարը` հետեւեալ կոչը ուղղելով ներկան...

Կարդալ ամբողջովին

Եղանակ

Ջերմ {{currentData.temp}}℃
Քամի {{currentData.wind}}կմ/ժ
Խոնավ {{currentData.humidity}}
  • Երեւան
  • Աբովյան
  • Ծաղկաձոր
  • Սեւան
  • Գյումրի
  • Էջմիածին
  • Դիլիջան
  • Վանաձոր
  • Աշտարակ
7 օրվա տեսություն

Փոխարժեքներ

ԱռքՎաճառք
USD390396
EUR412424
RUR4.134.33
ավելին
Արդեն հասանելի է
Դեպի վեր