Դեպի վեր

Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի ձայնը բարձրացուց ատրպէյճանական յարձակողականութեան դէմ

yerkir.am09/19/2022, 3:12
  • Email
  • Facebook
  • Twitter

Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի ձայնը բարձրացուց ատրպէյճանական յարձակողականութեան դէմ

Կի­րա­կի, 18 Սեպ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կո­չին, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը զան­գո­ւա­ծա­յին ներ­կա­յու­թեամբ Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս­պի­տակ Աշ­տա­րա­կին առ­ջեւ, իր բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ սան­ձա­զեր­ծուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ, որ պատ­ճառ դար­ձաւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ վի­րա­ւոր­նե­րու, տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու եւ են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու մեծ վնաս­նե­րու՝ սահ­մա­նա­մերձ տա­րածք­նե­րուն վրայ։ ­Յու­նա­հա­յու­թեան բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րուն ներ­կայ ե­ղած հայ­րե­նա­կից­նե­րը բուռն դա­տա­պար­տե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րու գրա­ւու­մը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ գտնո­ւող ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը ար­դէն ո­ղո­ղո­ւած էր հա­րիւ­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րով, ո­րոնց մէջ տի­րա­կան էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ա­նոնք բարձ­րա­ցու­ցած էին Ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­ներ եւ պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ տեղ գտած էին Ատր­պէյ­ճա­նի ա­նօ­րի­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րը դա­տա­պար­տող լո­զունգներ։ ­Ժո­ղո­վուր­դին մէջ իսկ զգա­լի էին ընդվ­զու­մի ու զայ­րոյ­թի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի դէմ գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րուն հա­մար։

Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան յոյն ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնք խօսք ա­ռին, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Խօսք առ­նող­նե­րէն զատ, ո­րոնց կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ, ներ­կայ էին նաեւ ե­րես­փո­խան ­Վա­սի­լիոս Ղ­րա­մե­նոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ­քա­ղա­քա­պետ ­Վա­կէ­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, ­Հայ-յու­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թեան նա­խա­գահ Ան­տո­նիս ­Փաւ­լի­տիս եւ ան­դամ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի կիպ­րա­ցի­նե­րու միու­թեան ա­տե­նա­պետ Օ­մի­րոս ­Փա­փա­սա­ւաս, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ռե­փուպ­լի­քա­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան յու­նա­կան բա­ժի­նի ա­տե­նա­պետ ­Ճո­նա­թան ­Քոնս­թան­տին, «Ար­տին» կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ հան­րա­ծա­նօթ ու սի­րո­ւած դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան։

­Հայ­կա­կան կող­մէ ներ­կայ էին ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի հո­վիւ ­Գերպ. ­Յով­սէփ ...

Կարդալ ամբողջովին

Եղանակ

Ջերմ {{currentData.temp}}℃
Քամի {{currentData.wind}}կմ/ժ
Խոնավ {{currentData.humidity}}
  • Երեւան
  • Աբովյան
  • Ծաղկաձոր
  • Սեւան
  • Գյումրի
  • Էջմիածին
  • Դիլիջան
  • Վանաձոր
  • Աշտարակ
7 օրվա տեսություն

Փոխարժեքներ

Առք Վաճառք
USD 0 99999999
EUR 0 99999999
RUR 0 99999999
ավելին
Արդեն հասանելի է
Դեպի վեր